2014-04-27 08:20:27

Յովհաննէս Պօղոս Բ` Երիտասարդներու համաշխարհային օրուայ պաշտպան սուրբը։


Կիրակի 27 ապրիլ 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, խորաններու պատւոյն կը բարձրացնէ երջանկայիշատակ Քահանայապետ` Գարոլ Վոյթիուան։ Ան ծնած էր Լեհաստանի Վատովիչէ աւանը` 18 մայիս 1920-ին եւ վախճանած է Վատիկան` 2 ապրիլ 2005-ին։
Յովհաննէս Պօղոս Բ եղած է Եկեղեցւոյ 264 Քահանայապետ, ընտրուած` 16 հոկտեմբեր 1978-ին։ 2011-ի մայիս մէկին հանդիսաւոր եւ պատմական արարողութեամբ երանելի հռչակուեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ ու անոր ծիսական յիշատակը որոշուեցաւ նշել ամէն տարուայ 22 հոկտեմբերին` անոր գահակալութեան տարեդարձի օրը։ ՅՊԲ երանացման արարողութիւնը աննախընթաց դէպք մը եղաւ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, Ան եղաւ առաջին քահանայապետը որ վերջին տասը դարերուն խորաններու պատւոյն արժանացաւ իր յաջորդին կողմէ։
ՅՊԲ եղաւ նաեւ առաջին ոչ իտալացի քահանայապետը, 455 տարիներ ետք, եւ եղաւ նաեւ պատմութեան առաջին Լեհ քահանայապետը։ Անոր քահանայապետութիւնը տեւեց 26 տարի, 5 ամիս եւ 17 օր, հանդիսանալով պատմութեան երրորդ ամենաերկար քահանայապետական շրջան։
Յովհաննէս Պօղոս Բ, իր մահէն 6 տարի եւ 29 օր ետք արժանացաւ խորաններու պատւոյն եւ 2014-ի 27 ապրիլին ­ինչպէս նշեցինք - Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետի հետ միասին պիտի դասուի Եկեղեցւոյ սուրբերու շարքին ու այդ օր պիտի դառնայ Երիտասարդներու Համաշխարահյաին օրուայ պաշտպան սուրբ, ինչպէս յայտարարեց վերջերս Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.